Հիւսիսային Քորէա, պաշտօնապէս Քորէայի Ժողովրդավար Ժողովուրդի Հանրապետութիւն, արեւելեան ասիա գտնուող երկիր մըն է: Ան կը սահմանէ հիւսիսէն՝ Չինաստանին, արեւելքէն՝ Ճափոնի Ծովին, հարաւէն՝ Հարաւային Քորէայի, արեւմուտքէն՝ Դեղին ծովի:
Մինչեւ 1948 Քորէայի թերակղզին չեր բաժնուած, պատմական բոլոր թագաւորութիւնները բոլոր թերակղզիին կ'իշխէին: 1948-ին Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմի հետեւանքով Քորէան բաժնուեցաւ երկուքի՝ Հիւսիսային (ԽՍՀՄ-ի հսկողութեան տակ) եւ Հարաւային (ԱՄՆ-ի հսկողութեան տակ): 1950-1953 Քորէայի պատերազմը հաստատեց երկու երկիրներուն սահմանները:
Հիւսիսային Քորէայի մէջ կ'ապրին 25,948,512 բնակիչներ 120,540 քմ. ք. տարածքի վրայ: Մայրաքաղաքը՝ Փիոնկիանկ, երկրի քաղաքական եւ տնտեսական կենդրոնն է:
