Էսթոնիա (էստ.` Eesti, պաշտօնական անուանումը` Էսթոնիայի Հանրապետութիւն), պետութիւն Հիւսիսային Եւրոպայի Պալթեան տարածաշրջանին մէջ:
Էսթոնիան ժողովրդավարական խորհրդարանական հանրապետութիւն է, բաղկացած՝ 15 շրջաններէ: Մայրաքաղաքը եւ ամէնամեծ քաղաքը Թալլինն է: Կը հանդիսանայ Եւրամիութեան ամէնասակաւաթիւ բնակչութեամբ երկիրներէն մէկը:
Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Մարդկային զարգացման ցանկի ցուցանիշն է` «շատ բարձր»: Մէկ շունչի հաշուով ՀՆԱ-ի ցուցանիշով նախկին ԽՍՀՄ հանրապետութիւններու շարքին մէջ առաջին տեղը կը գրաւէ: Համաշխարհային Պանքի չափանիշներով կը համարէ «Եկամուտի բարձր մակարդակով տնտեսութիւն», արժոյթի միջազգային հիմնադրամի չափանիշներով` «զարգացած տնտեսութիւն»: Կը հանդիսանայ Տնտեսական Համագործակցութեան եւ Զարգացման Կազմակերպութեան անդամ:
Առաջաւոր դիրքերու վրայ է նաեւ կրթութեան, տնտեսական ազատութեան, մամուլի ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան ցուցանիշներով:
Հայերու թիւը շուրջ 2,000 է (2003 թ.): Դիւանագիտական յարաբերութիւններ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Էսթոնիայի Հանրապետութեան միջեւ հաստատուած են 1992-ին:
Պատկերասրահ











Բնակչութիւն
|
|
|
| ||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||||
