factograf
HYW

Ուոլթ Տիզնի

Ուոլթ Տիզնի

Key facts

ծննդեան թուականDecember 5, 1901
մահուան թուականDecember 15, 1966
շրջանաւարտ է՝Քանսասի Արուեստի Հիմնարկ
մասնագիտութիւնժապաւէնի բեմադրիչ, ժապաւէն արտադրող, Շարժապատկերի գծագրիչ
ծննդավայրըՇիքակօ
մահուան վայրՊըրպենք
կողակիցԼիլիան Տիզնի
պարգեւ/ներՊատուոյ լեգէոնի շքանշանի ասպետ,
magnum opusՄիքի Մաուս
տեսակԸնտանեկան շարժապատկեր
All data from the card 17
Ծննդեան անուն
անգլերէն՝ Walter Elias Disney
Նաեւ յայտնի է իբրեւ
Disney, Walter Elias
Ծնած է
5 Դեկտեմբեր 1901
Ծննդավայր
Շիքակօ, Իլինոյս
Մահացած է
15 Դեկտեմբեր 1966 (65 տարեկանին)
Մահուան վայր
Պըրպենք, Քալիֆորնիա
Քաղաքացիութիւն
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Մայրենի լեզու
ամերիկեան անգլերէն
Կրօնք
Բողոքական
Ուսումնավայր
Քանսասի Արուեստի Հիմնարկ, Մեքինլի Երկրորդական Վարժարան և Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան, Միսսուրիի մէջ
Ազդուած է
Եզովբոսի Առակներ
Երկեր/Գլխաւոր գործ
Միքի Մաուս
Տեսակ
Ընտանեկան շարժապատկեր և շարժապատկեր
Կուսակցութիւն
Ամերիկայի Հանրապետական Կուսակցութիւն և Ժողովրդավարական Կուսակցութիւն
Ամուսին
Լիլիան Տիզնի
Ծնողներ
հայր՝ Էլիաս Տիզնի, մայր՝ Ֆլորա Քոլ Տիզնի
Երեխաներ
Տայան Տիզնի Միլլըր

Ուոլթ Տիզնի (5 Դեկտեմբեր 1901, Շիքակօ, Իլինոյս - 15 Դեկտեմբեր 1966, Պըրպենք, Քալիֆորնիա) Ամերիկացի ֆիլմարտադրող, նշանաւոր բեմադրիչ եւ ձեռնարկատէր:

Ծնած է Շիքակօ, 1901-ին:

Վաղ տարիներ

Ուոլթ Տիզնիին մանկութեան տունը
Ուոլթ Տիզնիին մանկութեան տունը

Ունեցած է դաժան մանկութիւն: Ստիպուած է աշխատիլ հինգ տարեկանէն՝ փողոցներու եւ գնացքներու մէջ թերթ, կաթ եւ զովացուցիչ հիւթեր վաճառելով: Ուոլթ Տիզնին եւ իր եղբայրը՝ Ռոյը ամէն օր կ'արթննային առաւօտեան ժամը 04:30-ին, որպէսզի դպրոց երթալէ առաջ առաքէին «Թայմզ» թերթը եւ նոյնը կ'ընէին երեկոյեան՝ դասերէն ետք, «Սթար» թերթին համար։

Անոնց օրը շատ յոգնեցուցիչ կ'անցնէր եւ Տիզնին յաճախ ցած նիշեր կը ստանար դասերուն ընթացքին քնանալուն հետեւանքով, բայց ան, այնուամենայնիւ, աւելի քան վեց տարի կը շարունակէ լրագիրներ առաքել։

Ան կը սիրէր նկարել, սակայն խիստ ու աւանդապահ ընտանիքը լուրջ չէր վերաբերեր անոր այդ հակումին: Հայրը անվերջ ծեծի կ'ենթարկէր երեխաները, իսկ նկարիչները կ'անուանէր անբան ու մակաբոյծ մարդիկ:

Ուոլթ Տիզնի չէր համարձակեր բարձրաձայն խօսիլ իր երազանքին մասին այն տան մէջ, ուր թուղթ եւ մատիտ նոյնիսկ չկար: Ան ածուխով կը նկարէր թուղթէ կոշտ թաշկինակներուն եւ պատերուն վրայ եւ կ'երազէր ծաղրաշարեր ստեղծելու մասին: Իր առաջին նկարները նկատած են դրացիները, որոնք առաջարկած են փողոցը վաճառել նաեւ պզտիկ թուղթերու վրայ գծուած այդ պատկերները եւ Տիզնին քանի մը սենթով սկսած է վաճառել նաեւ զանոնք: Այդ համարձակ քայլէն քառասուն տարի ետք, նոյն այդ գծանկարները սկսած էին արդէն վաճառուիլ աճուրդներու մէջ: Բայց, մինչ այդ, Տիզնիին մեծ անկումներ եւ դժուարութիւններ կ'ուղեկցին: Զինք անընդհատ կը հեռացնէին աշխատանքէն, կը գողնային անոր գաղափարները, կը դադրեցնէին հովանաւորութիւնը, կը խախտէին պայմանագիրերը, սակայն այդ բոլորը երբեք չեն կոտրած անոր վճռակամութիւնը։ «Երբ իմ գործերս լաւ չեն ընթանար, ես աւելի վճռական կը դառնամ: Այնպէս որ կեանքին հարուածները ինծի միայն օգուտ կու տան», ըսած է ան:

Յաջողութիւն

1937 Ձիւնաթոյրը եւ Եօթը Թզուկները
1937 Ձիւնաթոյրը եւ Եօթը Թզուկները

Երկար պայքարած է. յաջողութիւնը մէկ անգամէն չէ, որ այցելած է իրեն:

1920-ին ան աւարտած է Շիքակոյի արուեստի համալսարանը:

Հոլիվուտի մէջ, ուր ան մեկնած էր նոր կեանքի սկսելու, ժպիտով չեն ընդունած զինք: Միայն անքուն գիշերներու, աշխատասիրութեան, սթիւտիոյի մէջ անվերջ աշխատելու, պայքարի շնորհիւ է, որ Տիզնի հարթած է իր ճանապարհը եւ շունչ տուած է երազանքին: Ահա ինչպիսի դժուարութեամբ ստեղծուած են սիրելի շարժանկարները:

Իր ամբողջ կեանքին ընթացքին Տիզնի նկարած է 600-է աւելի մանկական շարժուն պատկերանկար: 1928-ին «Միքի Մաուս»ին կերպարը ստեղծած է Ուպ Այվերքսի հետ, որուն մասնակցութեամբ յօրինուած է շուրջ 100 շարժանկար:

Մինչեւ 1947 Տիզնին անձամբ կը խօսէր Միքիին դերին մէջ, սակայն հետագային, ան կամովին հրաժարած է, քանի որ ծխախոտի հետեւանքով ձայնը խժալուր դարձած էր: Ամերիկացիները այնքան սիրած են Միքին, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահի ընտրութիւններուն յաճախ պատահած է, որ բոլոր թեկնածուներուն անունները ջնջուած են եւ թերթիկին վրայ գրուած է՝ Միքի Մաուս: Միքին անպաշտօն ձեւով մասնակցելով նախագահական ընտրութիւններուն, միշտ ձայներու որոշ տոկոս մը հաւաքած է:

Այլ Յաջողութիւններ

1934-ին Տիզնի չբաւարարուելով կանոնաւոր կարճ շարժանկարներու արտադրութեամբ, կը սկսի երկար շարժապատկերներու՝ «Ձիւնաթոյրը եւ եօթ թզուկներ»ու՝ 4 տարի տեւած արտադրութիւնը, հիմնուած հեքիաթին վրայ: Երբ ծրագիրին մասին նորութիւնները կը տարածուին, շարժանկարային արտադրութեան մէջ շատեր կը կարծեն, որ անիկա ընկերութիւնը կը տանէր սնանկացման, ուստի զայն կ'անուանեն «Տիզնիին խենթութիւնը»: Բայց շարժանկարը ամբողջական գոյնով եւ ձայնով առաջին շարժուն դիպաշարը կը դառնայ, որուն արտադրութիւնը կ'արժէ 1.5 միլիոն տոլար՝ նախատեսուածէն եռապատիկ աւելի:

Համոզուելու համար, որ դիպանկարը ստեղծելը իրական էր, Տիզնին իր նկարողները կը տանի Շուինարտ արուեստի կաճառը՝ նկարչութեան դասեր ստանալու, ան նաեւ սթիւտիոն անասուններ կը տանի, կը վարձէ դերասաններ, որպէսզի նկարողները կարողանային ուսումնասիրել իրական շարժումը: Տեսարանին ընթացքին շարժող տեսախցիկը պատկերելու համար, սթիւտիոյին նկարիչները կը ստեղծեն այնպիսի տեսախցիկ մը, որ հնարաւորութիւն կու տար ապակիի կտորներուն վրայ պատկերուած նկարները դնել տեսախցիկէն տարբեր հեռաւորութեան վրայ եւ յառաջացնել խոր պատրանք մը: Ապակին կը շարժէր՝ ստեղծելով շարժող տեսախցիկի տպաւորութիւնը: Այդ տեսախցիկին օգնութեամբ ստեղծուած առաջին աշխատանքը («Հին ջաղացքը» անունով «Անմիտ սիմֆոնիա» շարքին 1937-ի շարժանկարը) «Օսքար» կը ստանայ իր տպաւորիչ տեսողական ուժին շնորհիւ: Ձիւնաթոյրիկը առաջին անգամ պաստառներուն կը յայտնուի Դեկտեմբեր 1937-ին եւ մեծ գովաբանութեան կ'արժանանայ քննադատներուն եւ հանդիսատեսին կողմէ: Ժապաւէնը կը դառնայ 1938-ի ամէնէն յաջող շարժանկարը, իսկ Մայիս 1939-ին անոր բերած 6.5 միլիոն տոլարի շահոյթը զայն կը դարձնէ այն ժամանակներուն ամէնէն յաջող շարժանկարը:

Տիզնի կը ստանայ ուրիշ պատուաւոր «Օսքար» մըն ալ, որ բաղկացած էր մէկ ամբողջական եւ եօթ փոքր Օսքարներէ ի նշանաւորումն Ձիւնաթոյրիկին եւ եօթ թզուկներուն: Ձիւնաթոյրիկին բերած յաջողութիւնը կ'ազդարարէ սթիւտիոյին համար ամէնէն բեղմնաւոր ժամանակաշրջանին սկիզբը:

Զբօսայգին

Տիզնի ցոյց կու տայ «Տիզնի Լենտ»ի նախագիծը, 1954-ին
Տիզնի ցոյց կու տայ «Տիզնի Լենտ»ի նախագիծը, 1954-ին
Տիզնի, «Օսքար» 1952
Տիզնի, «Օսքար» 1952
3 images

Տիզնին ունեցած է երազանք մը եւս՝ ստեղծել այնպիսի զբօսայգի մը, ուր ամբողջ ընտանիքը կրնայ ժամանակ անցընել: Թերեւս իր տխուր մանկութենէն եկած երազանք մըն էր, որ ան ի վերջոյ իրականութիւն կը դարձնէ եւ 1955-ին հիմնուած է «Տիզնի Լենտ»ը՝ Տիզնին տխուր երազողէն վերածելով յաջողակ ձեռնարկատիրոջ: Այնքան սիրելով երեխաները՝ ան այգիին մէջ «բնակեցուցած» է իր հնչուն շարժանկարներուն հերոսները։ Փառաւոր տեղ գտած է ոչ միայն Միքին, այլեւ՝ Տիզնիի միւս հռչակաւոր հերոսները՝ Տանըլտ Բադը՝ նաւաստիի հագուստով, գլխարկով եւ փողկապով, Ձիւնաթոյրն ու եօթ թզուկները, երեք խոզուկները, Փինոքիոն, Պամպին, Ալիսը, Քնացած գեղեցկուհին եւ միւս հռչակաւոր հերոսները:

Քալիֆորնիոյ նահանգի Անահայմ քաղաքին մէջ ստեղծուած «Տիզնի Լենտ»ի մուտքին գրուած է. «Բարի գալուստ բոլոր անոնց, որոնք հոս ուրախութիւն կը գտնեն»։ 1955-ին, երբ կը բացուի «Տիզնի Լենտ»ը, բացման արարողութիւնը կը հեռարձակուէր «Էյ.Պի.Սի.» հեռուստաալիքով, որուն հետեւողներուն թիւը կը հասնի 70 հազարի:

Այս այգիէն զատ Տիզնին նաեւ զուարճանքի եւ ուսուցողական այլ վայրեր ստեղծած է, ունէր նաեւ փորձարարական այգիներ ստեղծելու գաղափարներ, սակայն 1966-ին ան կը մահանայ՝ պատմութեան մէջ մնալով ընտանեկան ծաղրաշարեր ստեղծող ամերիկեան ամէնէն նշանաւոր մարդը, որ ստացած է Ոսկեայ գնդակներ, «Էմմի» մրցանակներ, քսանէ աւելի Օսքարներ, նախագահական բարձրագոյն մրցանակներ Միացեալ Նահանգներու եւ այլ երկիրներու մէջ:

Քոնկրէսի գրադարանը անոր շարժանկարներէն շատերը ներառած է Ազգային շարժանկարի արձանագրատան մէջ, իսկ Հոլիվուտի փառքի ճեմուղիին վրայ աստղերու արժանացած են ինքը՝ Տիզնին եւ իր դիպաշարին հերոսները:

Read next

In 180 languages

hywAfrikaansAlemannischአማርኛaragonésÆngliscالعربيةالدارجةمصرىঅসমীয়াasturianuazərbaycancaتۆرکجهбашҡортсаBoarischžemaitėškaBikol Centralбеларуская (тарашкевіца)беларускаяBetawiбългарскиभोजपुरीBislamaবাংলাbrezhonegbosanskiBatak MandailingбуряадcatalàнохчийнCebuanoکوردیcorsuqırımtatarcačeštinaчӑвашлаCymraegdanskDeutschdolnoserbskiΕλληνικάEnglishEsperantoespañoleestieuskaraestremeñuفارسیsuomiføroysktfrançaisNordfriiskfurlanFryskGaeilgekriyòl gwiyannenGàidhliggalegoAvañe'ẽगोंयची कोंकणी / Gõychi KonknniBahasa Hulontalo𐌲𐌿𐍄𐌹𐍃𐌺GaelgHausaHawaiʻiעבריתहिन्दीFiji HindihrvatskihornjoserbsceKreyòl ayisyenmagyarհայերենinterlinguaBahasa IndonesiaIlokanoIdoíslenskaitaliano日本語JawaქართულიQaraqalpaqshaадыгэбзэKabɩyɛқазақшаភាសាខ្មែរಕನ್ನಡYerwa Kanuri한국어kurdîkernowekкыргызчаLatinaLëtzebuergeschLimburgsLigurelombardlietuviųlatviešuMadhurâमगहीमैथिलीMalagasyMinangkabauмакедонскиമലയാളംмонголमराठीBahasa Melayuမြန်မာဘာသာPlattdüütschनेपालीनेपाल भाषाNederlandsnorsk nynorsknorskoccitanlivvinkarjalaиронਪੰਜਾਬੀKapampanganDeitschpolskiPiemontèisپنجابیNawatportuguêsRuna Simiromânăрусскийрусиньскыйसंस्कृतम्саха тылаᱥᱟᱱᱛᱟᱲᱤsardusicilianuScotsسنڌيdavvisámegiellasrpskohrvatski / српскохрватскиSimple Englishslovenčinaslovenščinashqipсрпски / srpskiSundasvenskaKiswahiliꠍꠤꠟꠐꠤślůnskiதமிழ்తెలుగుтоҷикӣไทยTagalogtolışitoki ponaTürkçeтатарча / tatarçaтыва дылئۇيغۇرچە / Uyghurcheукраїнськаاردوoʻzbekcha / ўзбекчаvènetovepsän kel’Tiếng ViệtVolapükwalonWinaray吴语მარგალურიייִדישYorùbáⵜⴰⵎⴰⵣⵉⵖⵜ ⵜⴰⵏⴰⵡⴰⵢⵜ文言閩南語 / Bân-lâm-gí粵語中文

Text from Wikipedia, CC BY-SA 4.0 · Source article