Կերթրուտ Պել (անգլերէն՝ Gertrude Margaret Lowthian Bell, 14 Յուլիս 1868 կամ 1868, Washington, Միացեալ Թագաւորութիւն - 12 Յուլիս 1926 կամ 1926, Պաղտատ, Մանդատային Իրաք, Միացեալ Թագաւորութիւն), անգլիացի գրող, ճանապարհորդ, քաղաքական գործիչ, հետախոյզ եւ հնագէտ։
Կենսագրական գիծեր
Ան իր կեանքի մեծ մասը անցուցած է Մերձաւոր Արեւելքի ուսումնասիրութեամբ եւ քարտէզագրութեամբ, եւ իբրեւ արաբագէտ մեծ ազդեցութիւն ունեցած է բրիտանական կայսերական քաղաքականութեան վրայ՝ իր գիտելիքներուն եւ երկարատեւ ճանապարհորդութիւններուն միջոցով ձեռք բերած կապերուն շնորհիւ։
Ան իր ամբողջ կեանքին ընթացքին բարձր գնահատուած եւ վստահելի անձնաւոութիւն մը եղած է՝ բրիտանացի պաշտօնեաներու կողմէ։
Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ականատես եղած է Հայոց ցեղասպանութեան իրադարձութիւններուն, իր յուշերուն մէջ անդրադարձած է Եղեռնին։
Պել մասնակցած է ե՛ւ 1919 թուականի Փարիզի խաղաղութեան համաժողովին (կարճ ժամանակով), եւ 1921 թուականի Գահիրէի համաժողովին։
Թ. Է. Լորընսին հետ միասին ան պաշտպանած է Մերձաւոր Արեւելքուի մէջ անկախ արաբական պետութիւններու ստեղծման, Օսմանեան կայսրութեան փլուզումէն ետք, եւ աջակցած է Հաշիմեան միապետութիւններուն հաստատման այն տարածքին՝ այսօրուան Յորդանանն ու Իրաքը։
Կերթրուտ Պել, որ տարեց իրաքցիներու կողմէ մինչեւ այսօր կը յիշուի երկրի հնութիւնները պահպանելուն եւ Իրաքի թանգարանը հիմնադրելուն համար, 1909-ին ներկայացուցած է Հալէպի աւելի խոհուն ու երփներանգ դիմանկարը:
Պել հիացած է քաղաքի կենսունակութեամբ, յատկանշական նկարագիրով եւ ճարտարապետութեան «մռայլ շքեղութեամբ»: Ան գրած է.
Հալէպ քաղաք մըն է, որ արագօրէն կը պաշտպանէ առեւտրականներու հեռաւոր վայրերէ շահած հարստութիւնը:
