Թի. Էս. Էլիըթ (անգլերէն՝ Thomas Stearns Eliot, 26 Սեպտեմբեր 1888, Սենթ Լուիս, Միզուրի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ - 4 Յունուար 1965, Քենսինգթոն, Լոնտոն, Անգլիա, Միացեալ Թագաւորութիւն), բանաստեղծ, թատերագիր եւ գրաքննադատ:
Կենսագրական գիծեր
Ծնած է Նոր Անգլիոյն սերող միջին դասի պատկանող ընտանիքի մը մէջ: Ուսանած է Սմիթ եւ Միլթըն ակադեմիաներու մէջ, ապա 1906-ին յաճախած Հարվըրտ համալսարա, զոր աւարտած է ստանալով պսակաւոր եւ մագիստրոսի վկայականներ:
1910-ին ուսանած է Սորպոնի մէջ, ապա կրկին շարունակած է բարձրագոյն ուսումը Հարվըրտի մէջ՝ ուսանելով փիլիսոփայութիւն:
Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին ապրած է Անգլիոյ մէջ եւ այնտեղ դասաւանդած:
1915-ին ամուսնացած է անգլիացի պալերինա Վիվիըն Հայուուտի հետ:
Պարգեւներ
1948-ին պարգեւատրուած է Նոպելեան մրցանակով, նոյն տարին՝ բրիտանական Մերիթ պարգեւատրումով, իսկ 1964-ին՝ ամերիկեան անկախութեան մետալով:
Հրատարակութիւններ
Հրատարակած է «Էկոիսթ» եւ «Քրիբերիւն» հանդէսները:
Բանաստեղծութիւններէն են․
- «Քոնվըրզէյչըն Կալանթ»,
- «Փորթրէյթ Աֆ Է Լէյտի»։
Իսկ թատերախաղերէն․
- «Տը Ֆեմիլի Ռէիւնիըն»,
- «Տը Քոքթէյլ Փարթի»,
- «Մըրտըր ԻՆ Տը Քաթիտրըլ» եւ այլ գործեր։
Աղբիւրներ
- «Զարթօնք» օրաթերթ, 25 Նոյեմբեր 1997, էջ 4։
